«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս Շաբաթ օր շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին՝ լիբանանի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ պաղեստինեան վերջին իրադարձութիւններուն գծով աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին՝ Ապպաս համառօտ կերպով Հարիրիին ներկայացուց պաղեստինեան խնդիրին վերաբերեալ վերջին զարգացումները, եւ անոնք համաձայնեցան շարունակել խորհրդատւութիւնն ու համակարգման աշխատանքները: Այս մասին հաղորդեցին կառավարութեան ղեկավարի գրասենեակէն:
Ապպաաս, շատ հաւանաբար, կ՝անդրադառնար Լիբանանի պաշտօնական մերժումին՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի այսպէս կոչուած «դարի գործարք»ին՝ Իսրայէլա-Պաղեստինեան խաղաղութեան համար ԱՄՆ-ի ծրագիրին, որ կտրականապէս մերժուած էր պաղեստինցիներուն կողմէ:
Լիբանանը, պաղեստինցիներուն հետ համատեղ, հրաժարեցաւ մասնակցիլ անցեալ շաբաթ Պահրէյնի մէջ կայացած երկօրեայ սեմինարին, ուր Թրամփի վարչակազմը ներկայացուց տնտեսական ծրագիր մը, իբրեւ ընդարձակ քաղաքական ծրագրի մը առաջին մասը՝ Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան լուծման համար։
Անիկա կ՝առաջարկէ աւելի քան 50 միլիառ տոլար, իբրեւ խթանիչ ուժ Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ գրաւեալ Պաղեստինեան տարածքներու տնտեսութեան։ Լիբանանի բաժինը պիտի կազմէ 6 միլիառ տոլար։






