«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յունիս 30-ին, աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն՝ նախագահը ներկայ պիտի գտնուի Եւրոպական երկրորդ խաղերու փակման արարողութեան: Այցին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուի նաեւ նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը Պելառուսիոյ իր գործընկեր Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ:
Նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ գիտական եւ կրթական հաստատութիւններ: