Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Զինեալ Միջադէպ Լեռնալիբանանի Քապրշմուն Գիւղին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երէկ կէսօրին զինեալ միջադէպ մը գրանցուած է Լեռնալիբանանի Քապրշմուն շրջանին մէջ։

Կրակոցը տեղի ունեցած է   այն  պահուն, երբ    գաղթականներու հարցերու  նախարար Սալէհ Ալ Ղարիպի  շարասիւնը  կ՚անցնէր այդ շրջանէն։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ կրակոցին հետեւանքով զոհուած է   նախարարի  թիկնապահներէն երկու անձ, մինչ երկու ուրիշներ   վիրաւորուած են։

Նշենք, որ   շրջանին մէջ  առաւօտեան   ժամերէն սկսեալ  լարուած իրավիճակ  կը տիրէր՝  երկրի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան  Պասիլի  շրջան  այցելութեան հետեւանքով։

Աւելի  վաղ     Յառաջդիմական-Դեմոկրատական  կուսակցութեան  համակիրներ  փորձած էին փակել  ճանապարհները եւ արգելք հանդիսանալ, որ Պասիլ   հասնի    լեռնալիբանանի  Քաֆարմաթթա  շրջան:

Յիշեցնենք, որ   գաղթականներու հարցով   նախարար    Սալէհ ալ Ղարիպ      անդամ է   Տիւրզի առաջնորդ  Թալալ  Արսլանի   առաջնորդած  Լիբանանի  Դեմոկրատական կուսակցութեան, որ կը համարուի      Պասիլի  համախոհ   քաղաքական ներկայութիւն մը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին