Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Ապպաս Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Հարիրիին՝ Պաղեստինեան Հարցով Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս Շաբաթ օր շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին՝ լիբանանի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ պաղեստինեան վերջին իրադարձութիւններուն գծով աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին՝ Ապպաս համառօտ կերպով Հարիրիին ներկայացուց  պաղեստինեան խնդիրին վերաբերեալ վերջին զարգացումները, եւ անոնք համաձայնեցան շարունակել խորհրդատւութիւնն ու համակարգման աշխատանքները: Այս մասին հաղորդեցին  կառավարութեան ղեկավարի գրասենեակէն:

Ապպաաս, շատ հաւանաբար, կ՝անդրադառնար Լիբանանի պաշտօնական մերժումին՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի այսպէս կոչուած «դարի գործարք»ին՝ Իսրայէլա-Պաղեստինեան խաղաղութեան համար ԱՄՆ-ի ծրագիրին, որ կտրականապէս մերժուած էր պաղեստինցիներուն կողմէ:

Լիբանանը, պաղեստինցիներուն հետ համատեղ, հրաժարեցաւ մասնակցիլ անցեալ շաբաթ Պահրէյնի մէջ կայացած երկօրեայ սեմինարին, ուր Թրամփի վարչակազմը ներկայացուց տնտեսական ծրագիր մը, իբրեւ ընդարձակ քաղաքական ծրագրի մը առաջին մասը՝ Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան լուծման համար։

Անիկա կ՝առաջարկէ աւելի քան 50 միլիառ տոլար, իբրեւ խթանիչ ուժ Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ գրաւեալ Պաղեստինեան տարածքներու տնտեսութեան։ Լիբանանի բաժինը պիտի կազմէ 6 միլիառ տոլար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին