Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Տեսակէտ. Քաղաքական Հարթակ Թուրքիա Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութիւններու Սեմին

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

            2011 թուականէն ի վեր Միջին Արեւելքի շրջանը կ’ապրի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը: Սուրիոյ շարունակուող տագնապը շրջանը կը պահէ անկայուն վիճակի մէջ:  Տագնապին սկիզբը Թուրքիոյ տրուեցաւ հիմնական դեր շրջանին մէջ իսլամական վարչակարգեր հաստատելու համար արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ: Լիպիա, Եգիպտոս, Թունուզ եւ Սուրիա այդ ցանկին վրայ էին: Արեւմուտքը Թուրքիոյ միջոցով արաբական ազգայնական վարչակարգերը մանաւանդ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ պիտի փոխարինէր «Իսլամ Եղբայրներ» կազմակերպութեան իշխանութեամբ: Արեւմուտքը շատ լաւ գիտէր, թէ արաբ ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը տակաւին պատրաստ չեն իսկական ռամկավար վարչակարգեր հաստատելու: Ուրեմն լուծումը արաբական ազգայնական վարչակարգերը փոխարինել էր` իրենց համակիր «հաւասարակշռուած» «Իսլամ Եղբայրներ»ու իշխանութեամբ:

            Այս ծրագիրը գործադրելու համար  Թուրքիոյ տրուեցան բոլոր դիւրութիւնները: Լիպիոյ պարագային Ռուսիան ձգեցին ծուղակի մէջ եւ առնուեցաւ որոշում ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին կողմէ, որ յետոյ վերածուեցաւ ՆԱԹՕ-ի ուղղակի միջամտութեան: նախագահ Ղազզաֆի սպաննուեցաւ եւ «Իսլամ Եղբայրներ»ը փորձեցին ձեռք դնել երկրին վրայ, սակայն հանդիպեցան արաբ ազգայնականներու զինեալ ընդդիմութեան, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Ներկայիս ազգայնական Զօրավար Հաֆթարի ուժերը հասած են մինչեւ մայրաքաղաք Թրիփոլի ու միայն Արեւմուտքի միջամտութեամբ է որ անոնք կանգ առին:

            Ամենամեծ արշաւը սկսաւ Սուրիոյ վրայ, որովհետեւ Սուրիան ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող երկիր է: Ան որ կը տիրէ Սուրիային, Միջերկրական Ծովէն մինչեւ Աֆղանիստան հասնող երկիրներուն առջեւ կը փակէ Միջերկրական Ծովուն դուռը, իր տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական իմաստով: Թուրքիան հազարաւոր զինեալներու թոյլ տուաւ իր սահմանէն անցնիլ եւ մտնել Սուրիա: Այս երկրին մէջ ալ «Իսլամ Եղբայրներ»ը իշխանութեան մաս դարձնելու ծրագիր կար: Սակայն այստեղ կային այլ գործօններ: Մէկ կողմէ Ռուսիա զգաց վտանգը որ կը մօտենար իր Միջերկրական Ծովու վրայ գտնուող միակ ծովային խարիսխին՝ Թարթուսին: Ռուսիոյ զինուորական ռազմավարութեան մէջ յստակօրէն նշուած է, որ Սուրիայէն մինչեւ Աֆղանիստան տարածուող երկիրներուն տիրողը Ռուսիոյ հարաւային սահմանը կը փակէ եւ Ռուսիան կը դառնայ ներքին երկիր, իր վտանգաւոր հետեւանքներով: Ուրիշ կարեւոր գործօն մըն ալ կար ռուսերուն ձեռքը: Մեծն Պետրոս ցարի օրերէն եւ մանաւանդ 19-րդ դարուն Ռուսիան ինքզինք միշտ կը ներկայացնէր որպէս Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպան: Հիմա ժամանակն էր այդ խաղաքարտը օգտագործելու: Արեւմուտքը, ինչպէս միշտ իր հաշիւները կը գերադասէ քրիստոնեայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութենէն: Վկայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, Իրաքի քրիստոնեաներու ոդիսականը, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած բարբարոսութիւնները քրիստոնեաներու հանդէպ: Ռուսիա պատերազմին մաս կազմեց զգալէ ետք, որ բոլորը յոգնած են եւ ինք պիտի ըլլայ պատերազմի աւարտին ազդանշանը տուողը:

            Էրտողանի Թուրքիան, որ կը համարուի «Իսլամականներ»ու միջնաբերդը եւ անոնց իշխանութեան ծրագրի առաջատարը, Սուրիոյ մէջ ստացած հարուածէն ետք ուշքի եկաւ: Իրան եւ Ռուսիա սկսած էին միջամտել Սուրիոյ մէջ: Թուրքիա կամ ուղղակի բախում պիտի ունենար անոնց հետ, իր բոլոր ժխտական հետեւանքներով, կամ ալ ինչպէս ծանօթ է օսմանցիներու օրերէն աղուէսի խորամանկութեամբ լեզու պիտի գտնէր անոնց հետ կարելի եղածին չափ շահ ապահովելու համար: Սուրիոյ մէջ կրած հարուածէն ետք երկրորդ հարուած մըն ալ ստացաւ Թուրքիան, երբ Եգիպտոսի մէջ նախագահ ընտրուած «Իսլամ եղբայր» Մոհամմատ Մուրսի պաշտօնանկ եղաւ Զօրավար Սիսիի վարած զինուորական շարժումին կողմէ: Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ հետեւաբար «Իսլամ Եղբայրներ»ու կրած պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ անոնք ամէն տեղ պարտուին: Թունուզ, Լիպիա ամենավառ օրինակներն են:

             Արեւմուտքի ծրագիրը արաբական ազգայնական վարչակարգերը փոխարինելու համար «Իսլամ Եղբայրներ» շարժումի ղեկավարներով Թուրքիոյ կնքահայրութեամբ կրած էր ձախողութիւն: Ձախողութեան պատճառներէն ամենակարեւորը Ռուսիոյ միջամտութիւնն էր եւ շրջանային մեծ պետութիւն Իրանի շահերու բախումը Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ շահերուն հետ: Սակայն հիմնական պատճառը այդ վտանգաւոր շարժումին կատարելիք գործի բացայայտումն էր արաբական կարգ մը կարեւոր լրատուամիջոցներու կողմէ ու Եգիպտոսի մէջ նախագահ Մուրսիի ու Թունուզի մէջ Ղաննուշիի առած քայլերը, որոնք ցոյց տուած էին «ձեւուած» իսլամին իսկական ժխտական դիմագիծը, հակադրուելով իսլամի իսկական արժէքներուն:

            Արդի Թուրքիան իր հիմնադրութեան օրէն՝ 1923 թուականին, միշտ Արեւմուտքի շահերու պաշտպանի դեր կատարած է շրջանին մէջ: Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք, թրքական լայիք պետութիւնը որ հիմնուեցաւ Արեւմուտքի  նեցուկով, պիտի կատարէր Արեւմուտքի շահերը պաշտպանող դեր: Թուրքիան այդ դերէն չի կրնար շեղիլ: 2002 թուականին իշխանութեան հասնելէն ի վեր քանի-քանի առիթներով Էրտողանի վարչակազմը շեղած է Արեւմուտքի քաղաքականութենէն: 2003 թուականին Էրտողան արգիլեց ամերիկեան ուժերու Իրաք մուտքը թրքական հողերը օգտագործելով: Սակայն 2011-էն ետք հազարաւոր զինեալներու թոյլ տուաւ որ մտնեն Սուրիա Արեւմուտքի դրած ծրագիրը յաջողցնելու համար: Երբ սուրիացի գաղթականներ հասան Եւրոպայի դուռը, սպառնաց Եւրոպական Միութեան, որ դրամական օժանդակութիւն չստանալու պարագային, այդ գաղթականները պիտի ղրկէ Եւրոպա: Ռուսիա տեսնելով որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի չընդունի Թուրքիան որպէս անդամ, անոր առջեւ բացաւ ռուսական շուկան: Շուկան օգտագործուեցաւ որպէս խայծ Թուրքիան պահելու համար Ռուսիա-Իրան առանցքին մօտ, մանաւանդ Սուրիոյ մէջ Արեւմուտքի ծրագրի սկզբնական ձախողութեէն ետք: Ներկայիս Թուրքիա հակօդային պաշտպանութեան «Էս-400» համակարգը կ’ուզէ գնել Ռուսիայէն: ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ Թուրքիոյ հասկցուց, թէ չի կրնար այդ համակարգը գնել ու նոյն ատեն մաս կազմել «Էֆ-35» օդանաւը արտադրող երկիրներու խումբին: Այստեղ արդէն բախումի մը նշոյլը սկսած է երեւիլ, մանաւանդ Իրանի հանդէպ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան դէմ եղած թրքական յայտարարութիւններէն ետք:

            Ըստ մասնագէտներու, ներկայիս Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները մտած են «ոչ դաշնակից եւ ոչ թշնամի» փուլ: Ապագային անոնց զարգացումը կախեալ է Թուրքիոյ վարելիք քաղաքականութենէն: Ներկայիս Թուրքիա կը վարէ դէպի Արեւելք քաղաքականութիւն սիրաշահելով Ռուսիան եւ Իրանը, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձախողութենէն ետք: Էրտողանի կուսակցութեան ձախողութիւնը Պոլիսի ընտրութիւններուն, առաջին նշանն էր անոր հեղինակութեան տկարացումին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին