Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Մերքել Թրամփի Հետ Քննարկած Է Իրանի Շուրջ Բանակցային Գործընթացի Հնարաւորութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած Է, որ G20-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած Է Իրանի շուրջ բանակցային գործընթացի գործարկման հնարաւորութիւնը: Անոր խօսքը Յունիս 28-ին մէջբերած Է ԳԴՀ-ի նախարարներու գրասենեակի մամուլի ծառայութիւնը, այս մասին կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:

«Ես երկկողմ հանդիպում անցուցի ԱՄՆ-ի նախագահի հետ: Ի  դէպ՝ քննարկուած են առեւտուրի հարցեր, բայց, ամէնէն առաջ, իրադրութիւնը Լիպիոյ եւ Սախելի գօտիին մէջ, անշուշտ, նաեւ հարցեր, որոնք կապուած են Իրանի հետ. օրինակ՝ այն հարցը, թէ ինչպէս կարելի Է սկսիլ բանակցային գործընթաց, որուն պաշտպանութեամբ ես հանդէս եկած եմ»,-նշած Է Մերքել: «Առաջուայ պէս (Իրանի շուրջ) իրադրութիւնը շատ լարուած Է»,- արձանագրած Է վարչապետը: Ինչ կը վերաբերի G20-ի աշխատանքին, ապա Մերքել նշած Է, որ, մասնաւորապէս, քննարկուած Է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան բարեփոխման հարցը: Մերքել նաեւ յոյս յայտնած է, որ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ԱՄՆ եւ Չինաստան յառաջընթացի կը հասնին իրենց միջեւ առկայ առեւտրական վէճի կարգաւորման գործին մէջ, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին