Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Կարօ Փայլան Գրաւոր Հարցում Ուղղած է ՆԳՆ-ին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Տեղապահի Ընտրութիւններու Յետաձգման Վերաբերեալ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան, Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահէն ետք, տեղապահի ընտրութեան օրուայ փոփոխութեան վերաբերեալ գրաւոր հարցում ուղղած է Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլուին:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ տեղապահի ընտրութիւնը պէտք է տեղի ունենար 2019 թուականի Յունիս 27-ին, սակայն ներքին գործերու նախարարութիւնը, Պոլսոյ կուսակալութեան միջոցով 2019 թուականի Յունիս 26-ին, առանց որեւէ պատճառաբանութեան յայտնած է, որ տեղապահի ընտրութիւնը պէտք է յետաձգուի մինչեւ 2019 թուականի Յուլիս 4:

Փայլան գրութեան մէջ հարցուցած է, թէ որն է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի տեղապահի ընտրութեան օրուայ փոփոխութեան պատճառը, ինչու եւ ինչ իրաւական հիմքերով ՆԳ նախարարութիւնը միջամտած է հոգեւոր կառոյցի ներքին գործերուն եւ այլն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին