«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները Ուրբաթ օր դադրեցուցին ամբողջ շաբաթ մը տեւած իրենց գործադուլը, երբ կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ խոստացաւ հաշուի առնել իրենց պահանջները:
Լիբանանեան համալսարանի գործադիր կոմիտէի ղեկավար Եուսէֆ Տահէր՝ նախարարի հետ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց գործադուլը դադրեցնելու մասին լուրը: Այնուամենայնիւ, Տահէր ըսաւ, որ գործադիր կոմիտէն պիտի չեղարկէ իր որոշումը, եթէ Շեհայէպ չկատարէ իր խոստումը:
Յիշեցնենք, որ փրոֆէսըրները գործադուլը սկսած էին Մայիս 6-ին` բողոքելով 2019 թ. Պետական պիւտճէի նախագիծի կրճատման դէմ, որ մեծապէս պիտի ազդէր Լիբանանի միակ պետական համալսարանին յատկացուող պիւտճէին վրայ:






