«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել դարձեալ առողջական խնդիր ունեցած է արարողական միջոցառման ընթացքին՝ նախագահ Ֆրանք Վալտեր Շթայնմայերի մօտ ընդունելութեան ժամանակ: Համապատասխան տեսագրութիւնը Յունիս 27-ին տարածած Է n-tv հեռատեսիլը, այս մասին կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:
Հեռարձակումէն յայտնի է, որ Մերքել, կեցած է պետութեան ղեկավարի աջ կողմը, նկատելիօրէն կը դողայ, ինչպէս սաստիկ սարսուռի ժամանակ: Անկէ ետք գաւաթ մը ջուր կու տան անոր: Վարչապետը կը հրաժարի օգնութենէն, մի քանի վայրկեան ետք դողը կ’անցնի: Նման պատմութիւն տեղի ունեցած էր Յունիս 18-ին:
Կ’ենթադրուի, որ Մերքել պիտի մեկնի Օսաքա՝ G20-ի գագաթնաժողովին մասնակցելու, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:






