Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Նախկին Նախագահը Տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուին Առաջարկած է Անդամակցիլ Իր Նոր Ստեղծուելիք Կուսակցութեան. Լրատուամիջոցներ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թրքական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած են, որ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը ու շարք մը այլ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կը հիմնեն իրենց քաղաքական կուսակցութիւնը, որուն մտադիր են անդամակցելու գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան հետ անհամաձայն անձիք:

«Կուսակցութիւնը պիտի գլխաւորէ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաջանը: Բացի այդ, Կիւլ կը ցանկայ, որ կուսակցութեան անդամակցի նաեւ հայ յայտնի տնտեսագէտ, Մասաչուսէթսի արհեստագիտական համալսարանի մասնագէտ Տարօն Աճեմօղլուն: Տնտեսագէտին հետ զրոյցը արդէն կայացած է»,- կը գրէ թրքական Yenicag Gazetesi-ն` վկայակոչելով սեփական աղբիւրները:

Յայտնի է, որ Աճեմօղլու ծնած է 1967-ին՝ պսոլսահայ ընտանիքի մէջ: 1989-ին աւարտած է Մեծ Բրիտանիոյ Եորքի համալսարանը, Լոնտոնի տնտեսագիտական դպրոցին մէջ գիտութիւններու դոկտորի կոչում ստացած է: Վերջին 15 տարուան ընթացքին Աճեմօղլուն գիտական եւ դասախօսական գործունէութիւն կը ծաւալէ Մասաչուսէթսի արհեստագիտական համալսարանին մէջ: Քանի մը տարի շարունակ ան դիտարկուած է տնտեսագիտութեան ոլորտի մէջ հեղինակաւոր Նոպելեան մրցանակի յաւակնորդ:

Լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` դեռեւս 2011-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը փրոֆէսոր Աճեմօղլուին առաջարկած էր Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան մէջ երկրի մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը, սակայն ան հրաժարած էր աշխատելէ թրքական կառավարութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին