«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը միջուկային զէնք չ’ստեղծեր, նոյնիսկ, եթէ մաս չկազմէ իրանական միջուկային ծրագրի վերաբերեալ Գործողութիւններու համատեղ եւ համապարփակ ծրագրին: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:
«Նոյնիսկ, եթէ մենք կորսնցնենք ԳՀՀԾ-ն, պիտի շարունակենք մեր քաղաքականութիւնը, որուն համաձայն չենք ձգտիր միջուկային զէնքի ստեղծման»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Մաճիտ Թահթ-Ռաւանչի։
Դիւանագէտը կը հաւաստիացնէ, որ միջուկային զէնքը Իրանի ուզած վերջին բանն է:
«Մենք որեւէ օգտակար բան չենք տեսներ միջուկային զէնքի մէջ»,- նշած է Իրանի ներկայացուցիչը, ընդգծելով, որ Թեհրան կը պահպանէ գիտական ձեռքբերումներու համար անհրաժեշտ մակարդակի ուրանիոմ հարստացնելու իրաւունքը:






