Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Հրաձգութիւն Ֆրանսայի Արեւմտեան Կողմը Գտնուող Մզկիթին Շրջակայքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Առնուազն երկու մարդ վիրաւորուած է Փարիզի արեւմտեան կողմը գտնուող Պրեսթ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան հետեւանքով: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը, յղում կատարելով France Bleu ձայնասփիւռի ընկերութեան:

Աղբիւրին համաձայն, միջադէպը տեղի ունեցած է քաղաքի մզկիթի շրջակայքը, Յունիս 27-ին, Փարիզի ժամանակով 16:30-ին, երբ անյայտ անձը կրակ բացած է: Երկու մարդ լուրջ վնասուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոց: Դէպքի վայրը շրջափակուած է: Կրակ բացող անձը հեռացած է դէպքի վայրէն, ոստիկանութիւնը զինք յայտնաբերելու համար որոնողական աշխատանքներ կ’իրականացնէ:

Արտակարգ դէպքի վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ դեռ յայտնի չեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին