Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Թեհրան Միջուկային Զէնք Չ’ստեղծեր. ՄԱԿ-ի Մէջ Իրանի Մշտական ներկայացուցիչ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը միջուկային զէնք չ’ստեղծեր, նոյնիսկ, եթէ մաս չկազմէ իրանական միջուկային ծրագրի վերաբերեալ Գործողութիւններու համատեղ եւ համապարփակ ծրագրին: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:

«Նոյնիսկ, եթէ մենք կորսնցնենք ԳՀՀԾ-ն, պիտի  շարունակենք մեր քաղաքականութիւնը, որուն համաձայն չենք ձգտիր միջուկային զէնքի ստեղծման»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Մաճիտ Թահթ-Ռաւանչի։

Դիւանագէտը կը հաւաստիացնէ, որ միջուկային զէնքը Իրանի ուզած վերջին բանն է:

«Մենք որեւէ օգտակար բան չենք տեսներ միջուկային զէնքի մէջ»,- նշած է Իրանի ներկայացուցիչը, ընդգծելով, որ Թեհրան կը պահպանէ գիտական ձեռքբերումներու համար անհրաժեշտ մակարդակի ուրանիոմ հարստացնելու իրաւունքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին