Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Վեթերանները Փակեցին Ճանապարհները՝ Բողոքելով Պիւտճէի Խստութեան Դէմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Զինուորական վեթերանները, Հինգշաբթի առաւօտեան, փակեցին Լիբանանի շարք մը գլխաւոր մայրուղիներ՝ պատճառելով ահաւոր խճողում։ Անոնք կը բողոքէին 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծին դէմ, որ պիտի ազդէ կենսաթոշակներուն եւ նպաստներուն վրայ:

Ցոյցերը սկիզբ առին առաւօտեան ժամը 5:00-ին Տահր Պայտար, Քըսըրուանի Թապարժա, Մատֆուն եւ Նաամէ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հարաւային մայրուղիներուն վրայ, նախատեսուած էին շարունակել մինչեւ ժամը 10:00-ը: Մինչդեռ, Լիբանանեան Բանակի հրահանգով, ժամը 9:00-ին, վեթերանները վերաբացին ճանապարհները:

Բանակը տարածած էր յայտարարութիւն մը, ուր կոչ կ’ընէր ցուցարարներուն բանալու ճանապարհները՝ միաժամանակ ընդգծելով իր «լիակատար համերաշխութիւնը թոշակառու զինծառայողներու օրինական պահանջներուն հետ, քանի որ ատիկա ուղղակիօրէն կ’անդրադառնայ անոնց կենսամիջոցներուն, ինչպէս նաեւ իրենց եւ իրենց ընտանիքներու արժանապատւութեան վրայ»:

Նշենք, որ ռազմական վեթերանները Ապրիլէն ի վեր իրականացուցած են շարք մը ցոյցեր՝ բողոքելով 2019 թուականի պետական ​​պիւտճէի յօդուածներուն դէմ։  

Երկուշաբթի օր, Խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէն, որ տակաւին կ՝ուսումնասիրէ պիւտճէի նախագիծը, հաւանութիւն տուած էր Պաշտպանութեան Նախարարութեան յատկացուող յօդուածներու մեծամասնութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին