Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

ՀՀ ՊՆ-ն Պայմանագիրներ Կնքած է Յարձակողական Նոր Զինատեսակներու Գնելու Վերաբերեալ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կնքուած են պայմանագիրներ` յարձակողական նոր զինատեսակներ, նոր սերունդի զինամթերք ձեռքբերելու, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներ մատակարարելու վերաբերեալ: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` «Առաջին ալիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ Հայաստանի ռազմական օդուժը վերազինման փուլի մէջ է: Այդ նպատակով ռազմական սարքերու ցուցահանդէսին երկկողմ հանդիպումներ կ՛ունենայ շարք մը ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:

«Այդ պայմանագիրները շատ կարեւոր են մեր զինուած ուժերու զարգացման շարունակականութիւնը ապահովելու համար»,-ըսած է Տօնոյեան: Մատակարարումներ պիտի սկսին այս տարուան վերջը կամ 2020 թուականի սկիզբը: Սպառազինութիւններ ձեռք բերելու բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Դաւիթ Տօնոյեան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին` հայկական ռազմական օդուժի Կովկասի մէջ կիրառելիութիւնը թերագնահատելուն: «Եթէ աւելի ուշադիր ըլլան, ապա կը նկատեն, որ նոյն բազմագործառոյթ ռազմական օդուժը կ՛օգտագործուի Հիմալայներու` աւելի բարձրադիր գօտիներու մէջ»,-ըսած է Պաշտպանութեան նախարարը:

«Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցի մօտ 100 օտարերկրեայ պատուիրակութիւն, Հայաստանի ռազմաարդիւնաբերական համալիրը տեղակայուած է առանձին տաղաւարի մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին