Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Մերժեց «Դարի Գործարք»-ը՝ Նախքան 40 Յօդուածներու Քննարկումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Կառավարութիւնը Հինգշաբթի ընդգծեց իր պաշտօնական մերժումը ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի այսպէս կոչուած գործարքին՝ ԱՄՆ-ի ծրագիրը Իսրայէլա-Պաղեստինեան խաղաղութեան։ Նախօրէին, օրէնսդրական նիստին ժամանակ, խորհրդարանը եւս մերժած էր նշեալ գործարքը:

Թէեւ ծրագիրը ամբողջովին չէ հրապարակուած, դիտորդները զգուշացուցած են, որ, ատիկա  Լիբանանի եւ միւս երկիրներուն համար տեսակ մը կաշառք է՝ պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած օգնութեան դիմաց:

Հարիրի վերահաստատեց, որ Լիբանանի Սահմանադրութիւնը կ’արգիլէ գաղթականներու տեղակայման որեւէ տարբերակ Լիբանանի մէջ:

Կառավարութիւնը, որ նոյն օրը հանդիպում ունեցաւ, հաւանութիւն տուաւ քննարկուող 40 յօդուածներէն մեծ մասին:

Ընկերային Հարցերու նախարար Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեան լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ 220-րդ օրէնքի 73-րդ յօդուածի կիրառման մասին որոշման, որ կը նախատեսէ սահմանափակել հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու հանրային հատուածի աշխատատեղերու ընդհանուր թիւին 3 տոկոսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին