Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Պաշտօնական Այցով Կը Մեկնի Վիեթնամ եւ Սինկափուր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով կը մեկնի Վիեթնամի Հանրապետութիւն եւ Սինկափուրի Հանրապետութիւն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին նշուած է ՀՀ կառավարութեան e-gov.am պաշտօնական կայքին մէջ:

Կառավարական պատուիրակութիւնը Վիեթնամ պիտի գտնուի Յուլիս 4-6, իսկ Սինկափուր պիտի այցելէ Յուլիս 7-9:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան, Արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Բարձր գիտարուեստական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան եւ այլ պաշտօնեաներ:

Գործուղումներու մէջ գտնուելու ժամանակահատուածին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պարտականութիւնները պիտի կատարէ ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին