Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Հարիրի. «Ամբողջ Լիբանանը» Դէմ է Թրամփի Խաղաղութեան Պայմանագրին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Սաատ Հարիրի Չորեքշաբթի օր ընդգծեց Լիբանանի մերժումը դարի այսպէս կոչուած գործարքին՝ Իսրայէլա-պաղեստինեան խաղաղութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու առաջարկին:

«Կառավարութիւնը, խորհրդարանը եւ ամբողջ Լիբանանը դէմ են «դարի գործարքին»»,- ըսաւ  Հարիրի` օրէնսդիր նիստին ժամանակ խորհրդարանէն ներս իր ելոյթին ընթացքին:

Երեքշաբթի օր Պահրէյնի մէջ սկսած երկօրեայ միջազգային հանդիպման ժամանակ՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ներկայացուց տնտեսական ծրագիր մը, իբրեւ ընդարձակ քաղաքական ծրագրի մը առաջին մասը՝ Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան լուծման համար:

Անիկա կ’առաջարկէ աւելի քան 50 միլիառ տոլար, իբրեւ խթանիչ ուժ Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ գրաւեալ Պաղեստինեան տարածքներու տնտեսութեան: Լիբանանի բաժինը պիտի կազմէ 6 միլիառ տոլար:

Թէեւ ծրագիրը ամբողջովին չէ հրապարակուած, դիտորդները զգուշացուցած են, որ, ատիկա  Լիբանանի եւ միւս երկիրներուն համար տեսակ մը կաշառք է՝ պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած օգնութեան դիմաց:

Հարիրին վերահաստատեց, որ Լիբանանի Սահմանադրութիւնը կ՝արգիլէ գաղթականներու տեղակայման որեւէ տարբերակ Լիբանանի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին