Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Կը Հաւատամ, Որ Մարդ Կ’ապրի Այնքան Ժամանակ, Որքան Բացայայտումներ Կ’ընէ, Կը Սորվի. Արմէն Սարգսեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, գիտութեան ու արուեստի միջազգային STARMUS փառատօնին ծիրէն ներս, հարցազրոյց ունեցած է Monocle միջազգային ամսագրին եւ ձայնասփիւռին։

Վկայակոչելով ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւնները՝ «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ խօսելով STARMUS փառատօնին մասին, նախագահ Սարգսեան ըսած է, անիկա շատ յաջող փառատօն է, որ կը ներկայացնէ 21-րդ դարու արժէքները։

Ի պատասխան լրագրողի այն հարցին, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է նախկին աշխատանքի ժամանակ ձեռք բերած փորձառութեան տարրերը կիրառել ներկայ քաղաքական պաշտօնին մէջ, նախագահ Սարգսեան նշած է, որ անիկա հայելային կերպով չ՝անդրադառնար իր իրական կեանքին վրայ։ «Իրական կեանքը կ՝ապացուցէ իմ տեսութիւնը, որ մեր կեանքին մէջ շատ բաներ կարելի է բացատրել՝ հասկնալով փոխկապակցուած տարրական մասնիկներու վարքագիծը,- ըսած է հանրապետութեան նախագահը։- Գիտելիքը, որ այս վարքագիծին վերաբերեալ ունինք ուսողութեան մէջ, կարելի է կիրառել հասարակական վարքագծի կամ քաղաքականութեան վրայ»։ Մասնաւորեցնելով ըսելիքը STARMUS-ի օրինակով՝  նախագահ Սարգսեան յիշած է, թէ ինչպէս փառատօնի հիմնադիր Գարիկ Իսրայէլեանը պատմած է, որ երբ նախաձեռնած է փառատօնը, պատկերացում չէ ունեցած, թէ անիկա ինչ աւարտ պիտի ունենայ։ «Այսինքն, այստեղ կար անորոշութեան սկզբունքը, որ կիրառելի է ինչպէս կնճռոտ կառուցակազմի, այնպէս ալ, STARMUS-ի պարագային»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան։ Ան նշած է, որ փառատօնի մասնակիցները լուրջ մարդիկ են՝ 10-20 նոպէլեան մրցանակակիրներ, որոնք եւ երբեք չեն վատներ ժամանակը, մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են յատուկ թեմաներու՝ ուսողութենէն մինչեւ տեսական բնագիտութիւն, աստղագիտութիւն, կենսաբանութիւն, քիմիագիտութիւն եւ այլն։ 

«Կենսաբանութեան, արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ կան Մեծ յայտնագործութիւններ, որոնք կ’ոգեւորեն երեխաները։ Ատիկա զիս ալ կ’ոգեւորէ։ Ես իսկապէս հաւատացած եմ, որ մարդ կ’ապրի այնքան ժամանակ, քանի դեռ բացայայտումներ կ’ընէ, կը սորվի, կ’արարէ»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին