Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Զինուորական Վեթերանները Այսօր Կը Փակեն Մայրուղիները Բողոքելով Պիւտճէի Խստութեան Դէմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Զինուորական վեթերանները այս առաւօտ կը փակեն Պէյրութի երեք հիմնական ճանապարհ` իբրեւ բողոք 2019 թուականի պետական ​​պիւտճէի նախագիծին մէջ ներառուած խնայողութիւններու դէմ շարունակուող բողոքներուն:

Լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ առաւօտեան ժամը 5-10 վեթերանները կը փակեն Շէքքա-Պէյրութ մայրուղին՝ Շէքքայի փապուղիէն ետք, Տահր Պայտար մայրուղին եւ Նէմլիյէի մօտ եւ  Խալտէի ծովափնեայ մայրուղին:

Վեթերանները հաւաստիացուցին, որ ցուցարարները պիտի չվնասեն հասարակութիւնը: Անոնք նաեւ նշեցին, որ ցոյցի ժամանակ արգիլուած է քաղաքական, կրօնական եւ կուսակցական դրօշներով ներկայանալը։

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, Չորեքշաբթի նախազգուշացուց, թէ ճանապարհային արգելափակումները կրնան բացասական անդրադարձ ունենալ ռազմական վեթերաններուն եւ անոնց պահանջներուն վրայ:

Նշենք, որ ռազմական վեթերանները Ապրիլէն ի վեր իրականացուցած են շարք մը ցոյցեր՝ բողոքելով 2019 թուականի պետական ​​պիւտճէի յօդուածներուն դէմ։  

Երկուշաբթի օր, Խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէն, որ տակաւին կ՝ուսումնասիրէ պիւտճէի նախագիծը, հաւանութիւն տուած էր Պաշտպանութեան Նախարարութեան յատկացուող յօդուածներու մեծամասնութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին