Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

«Պուրճ Համուտի Բնակիչ Մեր Սիրելի Ժողովուրդին Առողջութիւնը Զոհը Պիտի Չդառնայ Անհոգութեան Եւ Անյայտ Գործարքներու»

Երէկ ներլիբանանեան կեանքի հետ առնչուած տեղեկատուութեան կարեւորագոյն օրակարգը Պուրճ Համուտի աղբավայրն էր, որուն վերջնական փակման օրը, որքան մօտենայ այնքան կը լսենք անոր մէջ դարձեալ աղբ կուտակելու ծրագիրներու մասին:

Այս հարցը ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան մտահոգութիւններուն կիզակէտին վրայ դրուած ըլլալուն որպէս արդիւնք ընկ. Սեւակ Յակոբեան յայտարութիւն մը կատարեց լիբանանեան մամուլին, որուն մէջ ան յստակեցուց, որ Պուրճ Համուտի աղբավայրի աղբ ընդունելու կարողութիւնը հասած է իր ծայրագոյն աստիճանին: Ան աւելցուց, որ երբ հազիւ ժամանակը հասած էր զայն վերջնականապէս փակելու, արդէն իսկ ծրագիրներու մասին կը խօսուի՝ զայն աւելի եւս ընդլայնելու, այսինք՝ շարունակելու նոր աղբեր ընդունիլ:

Ընկ. Յակոբեան աւելցուց ըսելով, որ «Պուրճ Համուտի աղբավայրը, երբ ատենին վերաբացուեցաւ մենք լուռ մնացինք, պարզապէս բլուրներու վերածուած աղբերը փողոցներէն եւ բնակուած շէնքերու շրջակայքէն վերցուած տեսնելու մտահոգութեամբ եւ մանաւանդ, որովհետեւ նշեալ աղբավայրի վերաբացումը ժամանակաւոր էր…»: «Սակայն ամէն ինչ չափ ու սահման ունի» ըսաւ ան:

Ընկ. Յակոբեան զարմանք յայտնեց, որ անոր շուրջ բնակող ժողովուրդին ամէն տեսակ վնաս հասցնող աղբավայր մը՝ փոխանակ վերջնականապէս փակելու , տակաւին ծրագիրներ մշակողներ կան զայն աւելի ընդլայնելու: «Ի տես այս անբարոյականութեան մենք բնաւ ալ պիտի չարտօնենք նոր ծրագրի մը իրագործումը, որովհետեւ Պուրճ Համուտի բնակիչ մեր սիրելի ժողովուրդին առողջութիւնը բնաւ ալ չի կրնար զոհը ըլլալ ինչ-ինչ գործարքներու եւ կամ լուռ մեղսակցութեան մը», շեշտեց ընկեր Յակոբեան:

Ան այս առիթով կոչ ուղղեց պատկան մարմիններուն՝ աղբերու վերամշակման ծրագիրներ ներկայացնել, փոխանակ աղբավայրը ընդարձակելու:

Ընկ. Յակոբեան իր յայտարարութիւնը եզրափակելով, ըսաւ, որ «այն ինչ կը վերաբերի տրուած բարձրաշռինդ խոստումներուն, թէ նշեալ աղբավայրը ի վերջոյ պիտի գործածուի իբրեւ հանրային պարտէզներու եւ զբօսավայրերու հիմք, մենք կը պատասխանենք ըսելով, որ մեր առաջնահերթութիւնը մեր երեխաներուն առողջութիւնն է, հեոու աղբերու արձակած թունաւոր եւ գարշահոտ կազերու պատճառած հիւանդութիւններէն: Անկէ ետք միայն մենք կրնանք հաւատալ նման խոստումներու, կամ ձգել, որ մեր զաւակները խաղան ոչ-անպայման իրենց կեանքի ընթացքին իրագործելի  «պարտէզներուն» մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին