«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –«Պոգօ Հարամ» արմատական իսլամիստական խմբաւորման զինեալները Նիճերիոյ Պորնօ նահանգի մէջ իրականացուցած են յարձակում, որուն հետեւանքով առնուազն 20 մարդ զոհուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Daily Trust թերթը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ զինեալները յարձակած են Դամասակէն 50 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Նկամկամ գիւղի բնակիչներուն վրայ: Յարձակման հետեւանքով ողջ մնացածներէն շատեր լքած են գիւղը:
«Պոգօ Հարամ» արմատական իսլամիստական խմբաւորման գրոհայինները հանդէս եկած են յանուն Նիճերիոյ հիւսիսի մէջ անկախ պետութեան ստեղծման, որ բնակեցուած է առաւելապէս մահմետականներով, ինչպէս նաեւ նպատակ ունին հիւսիսային շրջաններէն վտարելու բոլոր քրիստոնեաներն ու հեթանոսները: