«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով կը մեկնի Վիեթնամի Հանրապետութիւն եւ Սինկափուրի Հանրապետութիւն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին նշուած է ՀՀ կառավարութեան e-gov.am պաշտօնական կայքին մէջ:
Կառավարական պատուիրակութիւնը Վիեթնամ պիտի գտնուի Յուլիս 4-6, իսկ Սինկափուր պիտի այցելէ Յուլիս 7-9:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան, Արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Բարձր գիտարուեստական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան եւ այլ պաշտօնեաներ:
Գործուղումներու մէջ գտնուելու ժամանակահատուածին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պարտականութիւնները պիտի կատարէ ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը:






