«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ճափոնի Օքինաւա հարաւային կղզիի Ուրասոէ քաղաքի շուրջ 115 հազար բնակիչներ Յունիս 26-ին շտապ տարահանման յանձնարարական ստացած են տեղատարափ անձրեւներու հետեւանքով սողանքներու եւ թայֆուններու սպառնալիքին պատճառով: Ինչպէս յայտնած Է NHK հեռատեսիլի ալիքը, մարդոց կոչ կ’ընեն պատսպարուելու դպրոցներու եւ քաղաքապետութեան հիմնարկութիւններու շէնքերուն մէջ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:
Օքինաւա կղզիի մէջ այժմ կը տեղան սաստիկ անձրեւներ, որոնց պատճառը մօտեցող թայֆունն Է: Ճափոնի Օդերեւութաբանական վարչութեան տուեալներով՝ անիկա կը ձեւաւորուի Ֆիլիփիններէն արեւելք ինկած գօտիին մէջ եւ շուտով կը շարժի դէպի հիւսիս – արեւելք՝ Ճափոնի կողմը: Օդերեւութաբանները կը նախազգուշացնեն, որ թայֆունը արդէն Յունիս 27-ի երեկոյեան կրնայ հասնիլ խաղաղ ովկիանոսեան ափ Ճափոնի հարաւ- արեւմուտք, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:






