«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդի անդամ Մահմուտ Շէնը՝ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի քարոզած գաղափարախօսութեան յարելու մեղադրանքով՝ դատապարտուեցաւ 10 տարուան ազատազրկման: Շէնը 15 Յուլիս, 2016-ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումէն ետք պաշտօնէ հեռացուած եւ ձերբակալուած էր:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով թրքական «Hurriyet»-ը, 15 Յուլիս, 2016-ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումէն ետք աշխատանքէն հեռացուած Սահմանադրական դատարանի, Դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդի անդամներուն դատավարութիւնները կը շարունակուին:
Յունիս 26-ին տեղի ունեցաւ Դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդի անդամ, ձերբակալուած կասկածեալ Մահմուտ Շէնի դատավարութիւնը: Անոր հասցէին հնչեցուած մեղադրանքներու շարքին էին՝ կիւլէնականներուն նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելը, անոնց հրամանները կատարելը եւ այլն, սակայն, այս մեղադրանքները մերժուեցան Շէնի կողմէ:
Դատարանի վճիռով՝ Կիւլէնի գաղափարներուն յարելու մեղադրանքով՝ Շէնը դատապարտուեցաւ 10 տարուան ազատազրկման:






