Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Ճափոնի Մէջ 115 Հազար Մարդ Տարահանման Ցուցում Ստացած է Հեղեղումներու Սպառնալիքի Պատճառով. NHK

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ճափոնի Օքինաւա հարաւային կղզիի Ուրասոէ քաղաքի շուրջ 115 հազար բնակիչներ Յունիս 26-ին շտապ տարահանման յանձնարարական ստացած են տեղատարափ անձրեւներու հետեւանքով սողանքներու եւ թայֆուններու սպառնալիքին պատճառով: Ինչպէս յայտնած Է NHK հեռատեսիլի ալիքը, մարդոց կոչ կ’ընեն պատսպարուելու դպրոցներու եւ քաղաքապետութեան հիմնարկութիւններու շէնքերուն մէջ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:

Օքինաւա կղզիի մէջ այժմ կը տեղան սաստիկ անձրեւներ, որոնց պատճառը մօտեցող թայֆունն Է: Ճափոնի Օդերեւութաբանական վարչութեան տուեալներով՝ անիկա կը ձեւաւորուի Ֆիլիփիններէն արեւելք ինկած գօտիին մէջ եւ շուտով կը շարժի դէպի հիւսիս – արեւելք՝ Ճափոնի կողմը: Օդերեւութաբանները կը նախազգուշացնեն, որ թայֆունը արդէն Յունիս 27-ի երեկոյեան կրնայ հասնիլ խաղաղ ովկիանոսեան ափ Ճափոնի հարաւ- արեւմուտք, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին