Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Ռուսաստանը Միայն Պայմանական Հակառակորդ Կը Համարէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած Է, որ ինք Ռուսաստանը Միացեալ Նահանգներու հակառակորդ չի համարեր, բայց կը համարԷ պայմանական հակառակորդ:

Համապատասխան տեսակէտը ան յայտնած Է Յունիս 26-ին Fox Business հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, այս մասին կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:

«Ես Ռուսաստանը հակառակորդ չեմ համարեր, բայց ան պայմանական հակառակորդ Է»,-ըսած Է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը:

«Գերմանիան Ռուսաստանին միլիառաւոր տոլարներ կը վճարէ ուժանիւթի համար: Անոնք Ռուսաստանին միլիառաւոր տոլարներ կու տան եւ, այնուհանդերձ, կ’ենթադրուի, որ մենք պէտք Է պաշտպանենք Գերմանիան: Իսկ Գերմանիան կը հրաժարի վճարել: Անոնք ՆԱԹՕ-ին չեն վճարեր այն, ինչ պէտք Է վճարեն»,-ընդգծած Է ան: «Անոնք միլիառաւոր տոլարներ կը վճարեն պայմանական հակառակորդին, որմէ, ինչպէս կ’ենթադրուի, մենք պէտք Է զիրենք պաշտպանենք»,-աւելցուցած Է ԱՄՆ-ի նախագահը, հաղորդած Է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին