Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Զօրավար Արամ Սիւլիքճեան (1919-1979). Կեանք մը՝ Լիբանանի Ծառայութեան

Պատիւ Արժանաւորին

Հայկազեան Համալսարանի

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Լիբանանեան բանակի նշանաւոր զօրավար Արամ Սիւլիքճեանի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը 25 Յունիսին կազմակերպեց դասախօսութիւն մը՝ մոռացութենէ դուրս բերելու այս մեծ հայուն վաստակը՝ լիբանանեան հայրենիքին:

Բացման խօսքին մէջ, Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բարիգալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ընդգծեց որ այս դասախօսութիւնը եւ նիւթը կարեւոր յաւելում մըն են Լիբանանի հայօճախի սկզբնական տարիներու թերի ներկայացուած պատմութեան վրայ:

Լիբանանեան բանակի առաջին հայ զօրավար Արամ Սիւլիւքճեանի որդին, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան Համալսարանին՝ այս առիթին համար, նշելով որ իր հօր բանակային ասպարէզին ուսումնասիրութեան լծուած է 2019ի սկիզբը եւ յառաջիկայ Նոյեմբերին պիտի հրատարակէ անոր գործունէութեան նուիրուած հատորը:

Վազգէն Սիւլիքճեան կատարեց ամփոփ համապատումը զօրավարին կենսագործունէութեան: Զօրավարը ծնած էր Ատանա 1919ին, Պէյրութ բերուած հօրեղբօր կողմէ 1924ին, աւարտած Հոմսի զինուորական ակադեմիան եւ ընդգրկուած զինուորական ու բանակային ասպարէզ:

Զօրավարը եղած էր այն բանակայինը, որ գլխաւորելով իր գումարտակը, մեկնած էր Րաշայյա բերդը, պաշտօնապէս դիմաւորելու համար արգելափակումէ ազատ արձակուած Լիբանանի անկախութեան հայրերը՝ Պշարա Խուրի եւ միւսներ: Ի՛նք էր որ առաջին անգամ բարձրացուցած էր անկախ Լիբանանի դրօշակը:

Բանախօսը հաստատեց որ զօրավարը կը գլխաւորէր լիբանանեան բանակի այն գումարտակը, որ 1948ի Պաղեստինի երկատման պատերազմին, Հիւսիսային Պաղեստինի մէջ գրաւած էր Ալ Մալիքիյյա բարձունքը: Ասիկա միակ գրաւումն էր զոր կրցած էին իրականացնել արաբական ներխուժող բանակները…: 1959-65 զօրավարը կարգուած էր Րայաքի զինուորական օդակայանին պատասխանատուն եւ այդ թուականներուն իրագործած էր օդակայանին ընդարձակումը եւ վազքուղիին երկարումը մինչեւ 3000 մեթրի, կատարելով ակնկալուածէն շատ աւելի արդիւնաւէտ գործ եւ մնալով տրամադրուած նիւթավարկին սահմաններուն մէջ…:

Աւելի ետք, զօրավարը լծուած էր բանակին բարեկարգման ծրագրիրի մշակումին ու տքնաջան հետազօտութիւններէ եւ աշխատանքէ ետք պատրաստած էր ծաւալուն թղթածրար մը այդ մասին: Դժբախտաբար թղթածրարը երկու տարի պաշտպանութեան նախարարութեան գզրոցներուն մէջ մնալէ ետք ներկայացուած էր խորհրդարան, իբրեւ… նախարարին ծրագիրը, առանց դոյզն յիշատակութեան անոր բուն հեղինակին…:

Ներկայացուեցաւ նաեւ զօրավարին նկարագիրը, իբրեւ ոււղամիտ, աշխատասէր, պատասխանատութեան բարձր գիտակցութեամբ, ազնիւ եւ ընկերային ու համեստ անհատականութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին