«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Զինուորական վեթերանները այս առաւօտ կը փակեն Պէյրութի երեք հիմնական ճանապարհ` իբրեւ բողոք 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ ներառուած խնայողութիւններու դէմ շարունակուող բողոքներուն:
Լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ առաւօտեան ժամը 5-10 վեթերանները կը փակեն Շէքքա-Պէյրութ մայրուղին՝ Շէքքայի փապուղիէն ետք, Տահր Պայտար մայրուղին եւ Նէմլիյէի մօտ եւ Խալտէի ծովափնեայ մայրուղին:
Վեթերանները հաւաստիացուցին, որ ցուցարարները պիտի չվնասեն հասարակութիւնը: Անոնք նաեւ նշեցին, որ ցոյցի ժամանակ արգիլուած է քաղաքական, կրօնական եւ կուսակցական դրօշներով ներկայանալը։
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, Չորեքշաբթի նախազգուշացուց, թէ ճանապարհային արգելափակումները կրնան բացասական անդրադարձ ունենալ ռազմական վեթերաններուն եւ անոնց պահանջներուն վրայ:
Նշենք, որ ռազմական վեթերանները Ապրիլէն ի վեր իրականացուցած են շարք մը ցոյցեր՝ բողոքելով 2019 թուականի պետական պիւտճէի յօդուածներուն դէմ։
Երկուշաբթի օր, Խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի կոմիտէն, որ տակաւին կ՝ուսումնասիրէ պիւտճէի նախագիծը, հաւանութիւն տուած էր Պաշտպանութեան Նախարարութեան յատկացուող յօդուածներու մեծամասնութեան:






