Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Քոչարեան Կրկի՞ն Պիտի Կալանաւորուի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վերաքննիչ քրէական դատարանը հրապարակեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով մեղադրող կողմի եւ Մարտ 1-ի գործով տուժողներու իրաւայաջորդներու բողոքներու վերաբերեալ որոշումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, Վերաքննիչ դատարանը որոշեց բաւարարել մեղադրող կողմի եւ տուժողներու իրաւայաջորդի բողոքները:

«Միջդատական վարոյթի ընթացքին որպէս խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորման վերացման վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը բեկանել: Մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառել կալանաւորումը»,- ըսած է դատաւոր Արմէն Դանիէլեան` նշելով, որ կը վերցուի նաեւ Քոչարեանին ազատ արձակելու հիմք հանդիսացած` Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը:

Ռոբերտ Քոչարեան, անոր պաշտպանները եւ ընտանիքը ի նշան բողոքի չեն մասնակցած դատական նիստին, քանի որ դատաւոր Արմէն Դանիէլեանը նախորդ դատական նիստին թոյլ չէ տուած ներկայացնել իրենց դիրքորոշումները:

Յունիս 24-ին բողոքը քննող դատաւոր Արմէն Դանիէլեան դիմած էր Ոստիկանութիւն իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին