Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տեսանկիւն. Քմա՞յք, Թէ Արդարադատութիւն

ԶԱՐԹՕՆՔ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Հակառակ այն դժբախտ իրողութեան, որ կ՛ապրինք այնպիսի օրեր, ուր մարդ ուշադիր պէտք է ըլլայ իր իւրաքանչիւր բառին, ամբոխին կողմէ յանկարծ խաչը չբարձրանալու համար: Ամբոխ մը, որուն տրամաբանութեամբ ամէն ինչ սպիտակ կամ սեւ է, եւ եթէ արդարութեան համար կեցուածք մը ունենաս, որ համահունչ չէ նշեալ խումբին զգացական կիրքերուն հետ, ապա կրնաս դաւաճան ալ հռչակուիլ…:

Անցնինք բուն նիւթիս:

Դարձեալ օրակարգի վրայ է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի վերստին կալանաւորումի նիւթը:

Անկախ Քոչարեանի մասին մեր ունեցած անձնական կարծիքէն: Անկախ Մարտ մէկի, թէ այլ թղթածրարի զոհերուն կամ անոնց ընտանիքներուն արդարացի իրաւունքէն կամ անոնց հոգեվիճակէն եւ անկախ ամէն այլ հանգամանքէ, Հայաստանի մէջ այս վերջին շրջանին, միեւնոյն թղթածրարով մը մարդ կալանաւորել… վերստին արձակել… դարձեալ կալանաւորել… այս գործընթացը ինչ, որ բան մը չըսէ՞ր գործող դատական համակարգին մասին…:

Քոչարեանը դարձեալ կալանաւորելու որոշումը, որ կը բեկանէ նախկինը, որ հիմնուած էր Արցախի նախկին եւ ներկայ նախագահներու երաշխաւորութեան վրայ, Արցախի նախագահներ չի՞ վարկաբեկեր (պահ մը մոռնանք, որ Ռոպէրթ Քոչարեան ինքն ալ նաեւ Արցախի նախկին նախագահ է…): Աւելի եւս, Արցախի հանդէպ ինչ, որ նախատանք չէ՞ եղածը:

Անցնինք աւելի յառաջ: ՀՀ իշխանութիւն մը, որ Արցախի հիմնահարցով բանակցութեանց մէջ Արցախեան կողմի մասնակցութիւնը հիմնական կը նկատէ, անոր նախագահներուն երաշխաւորութեան անտեսումով ինչ, որ սխալ չկատարե՞ր: Արցախի նախագահի երաշխաւորութիւնը եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական համակարգին մէջ բանի չծառայեր, ապա միջազգային ամպիոններու վրայ անոր ներկայութիւնը, որքա՜ն լուրջի կրնայ առնցուիլ բարեկամին կամ թշնամիին կողմէ…:

Ի վերջոյ նաեւ, այս եւ նմանօրինակ գործընթացը քիչ մը մանկապարտէզի մակարդակի տպաւորութիւն չտա՞ր, ուր շատ մը բաներ քմայքներով կ՛առաջնորդուին…:

Իսկ եթէ քմայքը մանկապարտէզի մը մէջ վեհանձն մօտեցումով մը կարելի է արդարացնել, որ նաեւ երբեմն մեծահոգի ժպիտ կը պարգեւէ մեծահասակին, նոյն բանը կարելի՞ է ըսել այնքան կարեւոր համակարգի մը համար, որուն առողջութեան հետ կապուած է մեր Հայրենիքին ամբողջ ճակատագիրը…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին