Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ 7 Ահաբեկիչ Վնասազերծած են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս կազմակերպուած գործողութիւններու արդիւնքով Յունիս 25-ին Տիարպեքիրի մէջ՝ երկու, Հաքիարիի մէջ՝ չորս եւ Թունճելիիի մէջ մէկ ահաբեկիչ վնասազերծած են:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով «Անատոլու» գործակալութիւնը, Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարարութենէն ստացուած տուեալներուն համաձայն՝ Տիարպեքիրի Հանի գաւառին մէջ նահանգային ոստիկանութեան կողմէ կազմակերպուած գործողութիւններու արդիւնքով 2 ահաբեկիչ վնասազերծուած է, իսկ Հաքիարիի Շեմտինլի գաւառին մէջ՝ 4 ահաբեկիչ: Բացի այդ՝ Թունճելիի մէջ դեռ Յունիս 22-էն նահանգային ոստիկանութեան կողմէ իրականացուող գործողութիւններու արդիւնքով 1 ահաբեկիչ վնասազերծուած է:  

Նախարարութենէն ստացուած յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուէր, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս իրականացուող գործողութիւնները շարունակական բնոյթ պիտի ունենան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին