Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Տարուայ ընթացքին Քոնկոյի Մէջ Աւելի Քան 1,5 Հազար Մարդ Մահացած է Էպոլա Ժահրէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Քոնկոյի Հանրապետութեան մէջ Էպոլա ժահրին պատճառով մահացածներու թիւը անցեալ տարուայ Յուլիսէն ի վեր գերազանցած Է 1500-ը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», յայտնած է երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Աւելի վաղ հաղորդուած Էր 1390 մահացածի մասին: «Իրադրութիւնը 2019 թուականի Յունիսի 23-ի դրութեամբ հետեւեալն Է. ընդամէնը վարակման 2 հազար 239 դէպք՝ 2 հազար 145-ը՝ հաստատուած եւ 94-ը՝ հնարաւոր, 1506 մահացած եւ 621 ապաքինուած»,-ըսուած Է նախարարութեան՝ Twitter-եան էջին տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ: Էպոլա ժահրով հիւանդութիւնը սուր վարակ Է, այս հիւանդութեամբ կը վարակուին ե’ւ մարդիկ, ե‘ւ  կենդանիներու որոշ տեսակներ: Էպոլայի համաճարակը Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ բռնկած Է 2015 թուականին եւ ընդգրկած գլխաւորաբար երեք երկիր՝ Կուինան, Սիեռա-Լէոնէն եւ Լիպերիան: ԱՀԿ-ի տուեալներով՝ վերջին խոշոր համաճարակի ժամանակ Էպոլայով վարակուած Է 28,6 հազար մարդ, աւելի քան 11,3 հազարը մահացած են: Քոնկոյի մէջ Էպոլայի ներկայ բռնկումը սկսած Է 2018 թուականի Յուլիսի վերջը, հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոսթին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին