«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ իր կուսակցութեան նախարարները հրաժարական պիտի տան, եթէ հանրային նշանակութիւն ունեցող որոշումները կատարուին ոչ յստակ կառուցակազմով։
«Մեզի համար աւելի կարեւոր է նշանակման խնդիրը, եւ ոչ թէ 10 կամ երեք կամ եօթը աթոռը»,- ըսաւ ան, պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք նախարարները կը լքէի՞ն կառավարութիւնը, եթէ չստանային նշանակումներուն արդար բաժինը:
Վերջերս, Ժաաժաա անուղղակիօրէն մեղադրած էր Ազգային Ազատ հոսանքի առաջնորդ Ժըպրան Պասիլը, որ կը փափաքի մենաշնորհ ունենալ՝ քրիստոնեաներուն տրամադրուած հիմնական վարչական պաշտօններուն վերաբերեալ: Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը անցեալ շաբաթ հանդիպած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որուն հետ՝ ի թիւս այլ հարցերու՝ քննարկած էր յառաջիկայ վարչական նշանակումներուն մէջ իր կուսակցութեան մասնաբաժինը: Ժաաժաա ըսած էր, որ վարչապետը պիտի աջակցի յստակ կառուցակազմի մը ընդունման` հիմնուելով նշանակումներու որակաւորման եւ իրաւասութիւններուն վրայ:
«Մեր փոխյարաբերութիւնները ամուր են եւ ռազմավարական։ Եւ իմ վերջին հանդիպումը վարչապետին հետ շատ լաւ էր»,- ըսաւ Ժաաժաա:






