Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Ընդդիմադիր Իմամօղլուն Սթամպուլի Մէջ Յաղթանակը Նորի Սկիզբ կը Համարէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Սթամպուլի քաղաքապետի ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած Էքրեմ Իմամօղլուն խօսած է ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ ապագայ ծրագրերու մասին:

Սթամպուլի քաղաքապետի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք ՀԺԿ թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն իր ուղերձը յղեց ժողովուրդին՝ նախապէս շնորհաւորելով զիրենք:

«Մենք կողմ ենք, որ աշխատի ժողովրդավարութեան ժամացոյցը: Մարտ 31-ին անիկա չաշխատեցաւ: Սակայն, ժամացոյցները կանգնեցնելով ժամանակը չէք կրնար կանգնեցնել եւ անիկա այս ընտրութիւններով ապացուցուեցաւ: Արդարութեան հանդէպ մեր հաւատքը վերականգնուեցաւ, անիկա ապահովեցին ոչ միայն իմ օգտին քուէարկած քաղաքացիները, այլ բոլոր անոնք, որոնց օգնութեամբ ընտրութիւնները անցան աւելի հասուն մթնոլորտի մէջ: Դուք Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան համբաւը ամբողջ աշխարհի առջեւ բարձր պահեցիք: Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ բոլոր ընտրողներուն», – նշած է ան:

Իմամօղլուն, վստահեցնելով, որ ջանք պիտի չխնայէ Սթամպուլի եւ, ընդհանրապէս, Թուրքիոյ լաւ ապագայի համար, յայտնեց, որ կը ցանկայ հանդիպիլ նախագահ Էրտողանին եւ պատրաստ է անոր հետ աշխատելու:

«Քաղաքացին յոգնած է քաղաքական պայքարէն: Ուստի՝ կը ցանկանք աւարտելու նպատակով օրակարգի մէջ ներառել այն բոլոր խոստումները, որոնց կատարման գործը մենք կիսատ ձգած ենք», – յայտնած է ան:

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Իմամօղլուն յայտարարեց. «Սա յաղթանակ չէ, այլ նոր սկիզբ: Քաղաքացիներուն կ’ուզեմ տեղեկացնել, որ հաւասար վերաբերում պիտի ցուցաբերեմ բոլորի նկատմամբ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին