Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Ելեւմուտքի Նախարարութիւն։ ԱՄՀ-ն Յոյսով է, Որ Խորհրդարանը Շուտով Պիտի Վաւերացնէ Պիւտճէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի առաքելութիւն մը Լիբանանի մէջ յոյս յայտնեց, որ Խորհրդարանը շատ շուտով պիտի վաւերացնէ 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծը։ Այս մասին հաղորդեց Լիբանանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը:

ԱՄՀ առաքելութեան ղեկավար Քրիս Ժարվիս յոյս յայտնեց, որ «Խորհրդարանը հնարաւորինս շուտ պիտի վաւերացնէ պիւտճէն, որուն շնորհիւ պակասուրդը պիտի նուազի մինչեւ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 7.6%-ի, եւ որ պիտի նպաստէ Լիբանանին՝ CEDRE խորհրդաժողովէն ակնկալուած դրամական յատկացումները ստանալուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նուիրատու երկիրներն ու հաստատութիւնները, նախորդ տարի Փարիզի մէջ կայացած CEDRE խորհրդաժողովին, Լիբանանին խոստացան 11 միլիառ տոլարի նիւթական աջակցութիւն՝  համաձայնելով երկրի երկարաժամկէտ յետաձգուած բարեփոխումներուն վրայ:

Երկուշաբթի օր, Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, թէ կարեւոր է, որ երկիրը յաջորդող օրերուն ուղարկէ «լրջութեան յստակ ուղերձ մը»՝ հաստատելով պիւտճէի նախագիծը:

Պիւտճէն կը համարուի Լիբանանի վրայ ծանրացած ճգնաժամէն դուրս գալու կարեւոր քայլ մը: Լիբանանի պետական ​​պարտքի բեռը, որ կը համընկնի ՀՆԱ-ի մօտ 150% -ի հետ, աշխարհի մէջ ամենածանրներէն է:

«Յառաջիկայ օրերուն ամենակարեւորը այն է, որ մենք լրջօրէն յղենք յստակ ուղերձ մը պիւտճէի կատարման եւ վաւերացման հարցով, եւ որ 2020-ի պիւտճէն պիտի գայ աւարտին հասցնելու այս տարուան համար առաջարկուող քայլերը»,- ըսաւ Խալիլ:

Ան նշեց, որ ԱՄՀ-ի զեկոյցը պէտք է աւարտին հասնի Յուլիսի կէսերուն՝ նկարագրելով զայն իբրեւ «հիմնարար հանգամանք, որ մեծ ազդեցութիւն ունի իրավիճակին եւ անոր կայունութեան գնահատման վրայ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին