Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Վենետիկի Յանձնաժողովը Անդրադարձած է Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի Հետ Կապուած Վերջին Զարգացումներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –    Վենետիկի յանձնաժողովը լիագումար նիստի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի ՍԴ-ի շուրջ վերջին զարգացումներուն ու Սահմանադրական դատարանի գործող անդամներուն վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով նիստի արձանագրութիւնը:

«Յանձնաժողովը տեղեկացուած է Հայաստանի մէջ Սահմանադրական դատարանի շուրջ վերջին զարգացումներուն, ներառեալ Սահմանադրական դատարանի անդամներուն վերաբերեալ հանրային յայտարարութիւններու մասին: Յանձնաժողովը խնդրած է նախագահին իրավիճակին հետեւիլ մօտէն՝ անհրաժեշտութեան պարագային յայտարարութիւն ընելու համար: Հայաստանի դատական օրէնսգրքի վերաբերեալ կը պատրաստուի հրատապ կարծիք, որ պէտք է ուղարկուի համապատասխան մարմիններուն մինչ Հոկտեմբեր կայանալիք լիագումար նիստը»,- ըսուած է նիստի արձանագրութեան մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին