Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Արեւելագէտը Իրանի Կողմէ Զիջումներ, ԱՄՆ-ի Կողմէ Ալ Կտրուկ Քայլեր Չ’ակնկալեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Տարածաշրջաի մէջ տեղի կ’ունենայ լարուածութեան մակարդակի աճ, որուն հիմքը ԱՄՆ-Իրան հակամարտութիւնն է, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ գործօններ:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ լրագրողներու հետ զրոյցին, այս մասին ըսաւ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան:

«Ակնյայտ է, որ ԱՄՆ-ն ներկայ փուլին կը փորձէ ճնշումը աւելցնել Իրանի վրայ, մեկուսացնել այդ երկիրը ե՛ւ տարածաշրջանի, ե՛ւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ։ Ինչպէս փորձը ցոյց կու տայ, այդ ճնշումները որեւէ արդիւնքի չեն յանգեցներ եւ այս պարագային եւս Իրան պիտի շարունակէ պահպանել ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութիւնը։ Հիմանական պատճառը, որ ամերիկացիները այսքան մեծ ճնշում կը գործադրեն Իրանի վրայ, մէկ կողմէն Իրանի ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութիւնն է, միւս կողմէ այն հանգամանքը, որ վերջին տարիներուն Իրանը կտրուկ զօրացուցած է իր դիրքերը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»,- նշեց արեւելագէտը՝ աւելցնելով, որ Իրանի այս հզօրացումը աշխարհաքաղաքական առումով աննախադէպ է, ինչը ամերիկացիները չեն հանդուրժեր։

Սաֆրաստեանի կարծիքով՝ Իրան երեւացող զիջումներու չ’երթար, միւս կողմէ ալ ԱՄՆ-ն դեռ չէ հասած այն կարմիր գիծին, որմէ ետք ռազմական գործողութիւններ կը սկսի, սակայն Իրանի վրայ ճնշումները դեռ կը շարունակուին։

Ինչ կը վերաբերի Ռուս-վրացական յարաբերութուններուն, որուն վերջին շրջանին ականատես կ’ըլլանք, Սաֆրաստեանի պնդմամբ՝ կրնայ վտանգ յառաջացնել Լարսի ճանապարհին:

«Հնարաւոր է որոշակի փուլի մը ռուսական կողմէն այդ հատուածին սահմանափակումներ դրուին: Ասիկա խնդիր է, որուն պէտք է աչալուրջ ըլլանք, հետեւինք եւ պատրաստ ըլլանք տարբեր զարգացումներու»,- նշեց արեւելագէտը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին