Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Առաջնորդող Եկեղեցիին Սոցիալական Հայեցակարգը

Տեսակէտ

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը Կաթոլիկ Եկեղեցին վերափոխեց քայլող, յառաջ շարժող, առաջնորդող հոգեւորական փարոսի, որդեգրելով՝ սոցիալական յառաջադէմ հայեցակարգ մը։

Ան կ՚ըսէ՝ թէեւ եկեղեցիին կրօնը գաղափարախօսութիւն չէ, սակայն կրօնի առաքելութեան առնչուած են՝ ժողովուրդը եւ հասարակութեան սոցիալական խնդիրները, եւ առանց ժողովուրդին եկեղեցին քարէ եւ կիրէ շինութիւն մը կը դառնայ, ինչպէս կ՚ըսէր՝ հայկական բարենորոգչական Թոնտրակեան յեղափոխութիւնը հազարամեակ մը առաջ…։

Արդարեւ, հոգեւոր արժէքները որո՞ւն համար են, եթէ ոչ՝ ժողովուրդին, հասարակութեան ու հանրային կեանքին։ Յետոյ՝ հոգեկանը եւ հոգին՝ նիւթականէն ու նիւթէն (մատերիա) անջա՞տ գոյութիւններ են, թէ՞՝ մէկը միւսին պտուղն է, հոգին եւ միտքը։ Այսինքն, գաղափարը (իդէան) ծնունդն է մատերիա ուղեղի աշխատանքին…։ Պարզ խօսքով՝ գաղափարը մտածող մատերիան է։ Հոգեւորական կամ աւելի ճիշդ՝ հոգեմտաւոր կեանքը՝ հասարակութեան կեանքին արտացոլացումն է։ Հետեւաբար, եկեղեցին՝ որպէսզի կարողանայ հոգեմտաւոր առաջնորդութիւն կատարել, պարտի ունենալ իր սոցիալական հայեցակարգը։

Կաթոլիկ Եկեղեցին այսօր ունի յստակօրէն բանաձեւուած սոցիալական հայեցակարգ, զոր պիտի պաշտպանէ՝ նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր պետութեան սոցիալական հայեցակարգին դէմ, պահպանելով իր առաջնորդողի առաքելութիւնը։ Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ եթէ շարունակէ զուրկ մնալ սոցիալական հայեցակարգէ, միշտ պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ տիրող համակարգին, եւ պիտի չկարողանայ կատարել հոգեմտաւոր առաջնորդութիւն, նոյնիսկ՝ քաղաքական իշխանութիւններուն համար…։ Գարեգին Բ. ենթարկուեցաւ օլիգարխիկ համակարգին, եւ լուռ մնաց ատոր ոճիրներուն, թալանին ու աւարին ի տես…։

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ սոցիալական ներկայի հայեցակարգի կարգ մը դրոյթներուն ծանօթացանք թերթելով Վատիկանի պաշտօնաթերթ “L’OSSERVATORE ROMANO”-ի 2018 տարուան թիւ 43-ի եւ թիւ 45-ի շաբաթական անգլիատառ համարները։

Պաշտօնաթերթի թիւ 43-ի մէջ (25 Հոկտեմբեր 2018) կարդացինք այն նամակը, զոր Ֆրանչիսկոս Ա. յղած է FAO-ի քարտուղարին, ներկայիս աշխարհին մէջ գործող անօթութեան եւ սովամահութեան աննախընթաց համեմատութիւններու հասած աղէտին շուրջ, առաջարկելով կարգ մը միջոցառումներ։

Ան կը գրէ՝ թէ ներկայիս տարեկան 124 միլիոն հոգի կը մեռնի՝ սննդառութեան պակասէ, անբաւարարութենէ կամ ալ՝ սնունդի անորակութենէ, եւ այս թիւէն մեծ տոկոս մը կը կազմեն պատերազմներու հետեւանքով իրենց երկրէն փախուստ տուող կամ պատերազմներուն պարտադրած արտագաղթողները։

Աշխարհի խաղաղութեան վերահաստատումը կրնայ մասամբ նուազեցնել մահացողներու այս թիւը, բայց կը մնան այն միւս սովամահները, որոնք զոհերն են՝ արդի ստրկատիրութեան (վայրի դրամատիրութեան) դաժան շահագործումին եւ անհատական սեփականութեան չարաշահումին ու հանրային հարստութեան՝ ոչ արդար, ոչ հաւասար բաշխումին։

Այս վերջին դրոյթները լայնօրէն լուսաբանուած են թիւ 45 (9 Նոյեմբեր 2018) համարին մէջ, ընդհանուր վերնագրի մը տակ “Ownership is a social responsibility to not abuse it” (Սեփականութիւնը սոցիալական պատասխանատւութիւն կ՚ենթադրէ՝ զայդ չչարաշահելու)։ Ֆրանչիսկոս Ա. այս դրոյթներուն հիմքը կը նկատէ՝ Տասնաբանեայի 7-րդ բառը՝ ՊԷՏՔ ՉԷ ԳՈՂՆԱՍ (The seventh word of the Decalogue: You shall not steal), ընչաքաղցութիւնը, արծաթասիրութիւնը եւ շահագործումը ԳՈՂՆԱԼ համարելով։ Եւ՝ երկարօրէն կը բացատրէ թէ անհատական սեփականութիւնը ինչու գողնալ է։

Պիտի գոհանամ բառացի մէջբերելով դրոյթներուն խտացեալ բանաձեւերը՝ ստորեւ.

“God rejects every claim to absolute ownership” _ Աստուած կը մերժէ բացարձակ սեփականութեան ամէն պահանջ…։

“The Earth is the Lord’s” – Երկիրը Տէրոջ կը պատկանի…։

“The land shall not be sold in perpetuity, for the land is the Lord’s” – Հողը մշտնջենապէս պէտք չէ ծախուի, քանի որ Տէրոջ կը պատկանի։

“The Earth is the common ownership of mankind” – Երկիրը մարդկութեան համայնական սեփականութիւնն է…։

“All wealth in order to be good, must have a social dimension” – Ամէն հարստութիւն լաւ ըլլալու համար սոցիալական տարողութիւն պէտք է ունենայ…։

“The ownership of any property makes its holder a steward of providence” – Ունեցուածքի մը ամէն սեփականութիւն՝ սեփականատէրը կը դարձնէ Նախախնամութեան պաշտօնատարը…։

“Today the world’s wealth is in the hands of the minority, of the few, and poverty. or rather misery and suffering is in those of the many, of the majority” – Այսօր աշխարհի հարստութիւնը կը գտնուի փոքրամասնութեան ձեռքին մէջ (սակաւաթիւներու), եւ աղքատութիւնը, կամ աւելի ճիշդը՝ թշուառութիւնն ու տառապանքը, կը գտնուին շատերու (մեծամասնութեան) ձեռքին մէջ…։

“If there is hunger on earth it Is not for lack of goods, rather due to market profits, it is at times even destroyed, wasted to keep prices high… what is lacking is social justice, equitable distribution of wealth, due to exploitation and modern slavery” – Եթէ երկրի վրայ անօթութիւն կայ, ատոր պատճառը սննդամթերքի պակասը չէ, աւելի՝ շուկայական շահերու պատճառով է, գիները բարձր պահելու, եւ երբեմն սննդամթերքներ կը փճացուին ու կը թափուին ատոր համար, պակսողը՝ ընկերային արդարութիւնն է, հարստութեան արդար-հաւասար բաշխումը, իբր հետեւանք շահագործումի եւ արդի ստրկատիրութեան։ (Ծանօթ է՝ թէ Ֆրանչիսկոս ներկայ վայրի դրամատիրութեան ժամանակաշրջանը անուանած է արդի ստրկատիրութիւն։ Ծանօթ է նաեւ՝ որ շուկայի գիները բարձր պահելու համար, դրամատէրները թոներով ուտեղտեղէն ծովերը կը թափեն։ Իսկ Լիբանանի մէջ, կալուածային ֆինանսատէրերը հողերու եւ բնակարաններու գիները կը յամառին պահելու աներեւակայելի բարձրութեան վրայ, հակառակ անոր, որ Պէյրութի եւ բոլոր միւս քաղաքներուն մէջ կան հարիւրներով չծախուած երկնաքեռներ, կիսաւարտ շէնքեր ու հարիւր հազարաւոր յարկաբաժիններ։

Նախապէս, բազմիցս շեշտած է՝ թէ կեանքի նպատակը դրամ ունենալ չէ, այլ մարդ ըլլալ, արարող ըլլալ եւ հետք մը ձգել իր ետին։ Իսկ հոս կ՚ըսէ. “Life is not for possessing but for living” – Կեանքը սեփականութիւն ունենալու համար չէ, այլ՝ ապրելու…։

Մէկ խօսքով՝ համաձայն Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան սոցիալական հայեցակարգի դրոյթներուն, երկիրը եւ անոր ընդերքին, ստորգետնեայ եւ վերգետնեայ բարիքներն ու հարստութիւնները աստուածապատկան են, եւ ուրեմն՝ աստուածատուր ըլլալով՝ համայն մարդկութեան համայնական սեփականութիւնն են, եւ ուրեմն՝ չկայ անհատական բացարձակ սեփականութիւն… եւ անհատ սեփականատէրը՝ պաշտօնակատարն է Նախախնամութեան, եւ իրաւունք չունի չարաշահելու այդ սեփականութիւնը։ Տնտեսագիտական բառապաշարով՝ արտադրութեան միջոցներու անհատ սեփականատէրը, որ կը շահագործէ արտադրող աշխատաւորները, չարաշահած կ՚ըլլայ այդ սեփականութիւնը, գործելով Նախախնամութեան պաշտօնակատարի պարտականութեան հակառակը, որ գողութիւն է, զոր կ՚արգիլէ Տասնաբանեային 7-րդ պատուիրանը։

Այս դրոյթները նոյնական են՝ գիտական սոցիալիզմի եւ կոմունիզմի դրոյթներուն հետ, որոնց հիմնական մերժումը անհատական սեփականութեան դէմ է, քանի որ եկեղեցին աշխարհի հարստութեան տէրը կը նկատէ՝ զԱստուած, իսկ միւսները՝ մարդկութիւնը. այսինքն՝ կը ջատագովեն համայնական սեփականութիւնը եւ կը մերժեն բացարձակ անհատական սեփականութիւնը, որ աղբիւրն է շահագործումին ու պատերազմներուն եւ բոլոր չարիքներուն… եւ կը պահանջեն՝ երկրի հասրտութեան արդար-հաւասար բաշխումը մարդոց միջեւ, ինչպէս կը պահանջէր Վ. Թէքէեան. «Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնուի ամէն գանձ», իր «Աղօթք Վաղուան Սեմին Առջեւ» քերթուածին մէջ։

Եկեղեցին՝ ուրեմն, որպէսզի իրապէս կարողանայ ժողովուրդը հոգեմտաւորապէս առաջնորդել, պէտք է ունենայ յառաջապահ սոցիալական հայեցակարգ, ինչ որ կը պահանջէ հրաժարիլ միջնադարեան խաւարի դպրական աստուածաբանութենէն, եւ որդեգրել Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւն, որպէսզի նաեւ՝ հարկադրուած չըլլայ կամակատարը դառնալու հակաժողովրդայնական, հակամարդկայնական եւ անբարոյ վարչակարգերու։

Հայաստանեայց Եկեղեցին ե՞րբ պիտի ունենայ իր սոցիալական հայեցակարգը, որպէսզի կարողանայ իրապէս ու գործնապէս կատարել իր հոգեմտաւորական առաջնորդութեան առաքելութիւնը։ Այդ ե՞րբ է որ պիտի գիտակցի իր առաքելութեան…։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին