«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վենետիկի յանձնաժողովը լիագումար նիստի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի ՍԴ-ի շուրջ վերջին զարգացումներուն ու Սահմանադրական դատարանի գործող անդամներուն վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով նիստի արձանագրութիւնը:
«Յանձնաժողովը տեղեկացուած է Հայաստանի մէջ Սահմանադրական դատարանի շուրջ վերջին զարգացումներուն, ներառեալ Սահմանադրական դատարանի անդամներուն վերաբերեալ հանրային յայտարարութիւններու մասին: Յանձնաժողովը խնդրած է նախագահին իրավիճակին հետեւիլ մօտէն՝ անհրաժեշտութեան պարագային յայտարարութիւն ընելու համար: Հայաստանի դատական օրէնսգրքի վերաբերեալ կը պատրաստուի հրատապ կարծիք, որ պէտք է ուղարկուի համապատասխան մարմիններուն մինչ Հոկտեմբեր կայանալիք լիագումար նիստը»,- ըսուած է նիստի արձանագրութեան մէջ:






