Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Ժաաժաա. Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Նախարարները Հրաժարական Պիտի Չտան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ իր կուսակցութեան նախարարները հրաժարական պիտի տան, եթէ հանրային նշանակութիւն ունեցող որոշումները կատարուին ոչ յստակ կառուցակազմով։

«Մեզի համար աւելի կարեւոր է նշանակման խնդիրը, եւ ոչ թէ 10 կամ երեք կամ եօթը աթոռը»,- ըսաւ ան, պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք նախարարները կը լքէի՞ն կառավարութիւնը, եթէ չստանային նշանակումներուն արդար բաժինը:

Վերջերս, Ժաաժաա անուղղակիօրէն մեղադրած էր Ազգային Ազատ հոսանքի առաջնորդ Ժըպրան Պասիլը, որ կը փափաքի մենաշնորհ ունենալ՝ քրիստոնեաներուն տրամադրուած հիմնական վարչական պաշտօններուն վերաբերեալ: Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը անցեալ շաբաթ հանդիպած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որուն հետ՝ ի թիւս այլ հարցերու՝ քննարկած էր յառաջիկայ վարչական նշանակումներուն մէջ իր կուսակցութեան մասնաբաժինը: Ժաաժաա ըսած էր, որ վարչապետը պիտի աջակցի յստակ կառուցակազմի մը ընդունման` հիմնուելով նշանակումներու որակաւորման եւ իրաւասութիւններուն վրայ:

«Մեր փոխյարաբերութիւնները ամուր են եւ ռազմավարական։ Եւ իմ վերջին հանդիպումը վարչապետին հետ շատ լաւ էր»,- ըսաւ Ժաաժաա:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին