«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի առաքելութիւն մը Լիբանանի մէջ յոյս յայտնեց, որ Խորհրդարանը շատ շուտով պիտի վաւերացնէ 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծը։ Այս մասին հաղորդեց Լիբանանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը:
ԱՄՀ առաքելութեան ղեկավար Քրիս Ժարվիս յոյս յայտնեց, որ «Խորհրդարանը հնարաւորինս շուտ պիտի վաւերացնէ պիւտճէն, որուն շնորհիւ պակասուրդը պիտի նուազի մինչեւ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 7.6%-ի, եւ որ պիտի նպաստէ Լիբանանին՝ CEDRE խորհրդաժողովէն ակնկալուած դրամական յատկացումները ստանալուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նուիրատու երկիրներն ու հաստատութիւնները, նախորդ տարի Փարիզի մէջ կայացած CEDRE խորհրդաժողովին, Լիբանանին խոստացան 11 միլիառ տոլարի նիւթական աջակցութիւն՝ համաձայնելով երկրի երկարաժամկէտ յետաձգուած բարեփոխումներուն վրայ:
Երկուշաբթի օր, Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, թէ կարեւոր է, որ երկիրը յաջորդող օրերուն ուղարկէ «լրջութեան յստակ ուղերձ մը»՝ հաստատելով պիւտճէի նախագիծը:
Պիւտճէն կը համարուի Լիբանանի վրայ ծանրացած ճգնաժամէն դուրս գալու կարեւոր քայլ մը: Լիբանանի պետական պարտքի բեռը, որ կը համընկնի ՀՆԱ-ի մօտ 150% -ի հետ, աշխարհի մէջ ամենածանրներէն է:
«Յառաջիկայ օրերուն ամենակարեւորը այն է, որ մենք լրջօրէն յղենք յստակ ուղերձ մը պիւտճէի կատարման եւ վաւերացման հարցով, եւ որ 2020-ի պիւտճէն պիտի գայ աւարտին հասցնելու այս տարուան համար առաջարկուող քայլերը»,- ըսաւ Խալիլ:
Ան նշեց, որ ԱՄՀ-ի զեկոյցը պէտք է աւարտին հասնի Յուլիսի կէսերուն՝ նկարագրելով զայն իբրեւ «հիմնարար հանգամանք, որ մեծ ազդեցութիւն ունի իրավիճակին եւ անոր կայունութեան գնահատման վրայ»:






