Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Սթամպուլի Ընտրութիւնները Աւարտեցան. Էրտողանի Կուսակցութեան Թեկնածուն Դարձեալ Պարտուեցաւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  «Արցախփրես»-ի փոխանցմամբ, Յունիս 23-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սթամպուլ քաղաքի քաղաքապետի ընտրութիւնը, որ այս տարի կ’իրականացուի երկրորդ անգամ։

Առաջին անգամ՝ Մարտ 31-ի համապետական ՏԻՄ ընտրութիւններու ժամանակ Էրտողանի Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը դարձեալ պարտուած էր Սթամպուլի մէջ ձայներու չնչին՝ 13000 քուէ տարրբերութեամբ։ Սակայն ԱԶԿ-ի բողոքարկումէն ետք արդիւնքները չեղեալ յայտարարուեցան եւ նշանակուեցան երկրորդ ընտրութիւնները։

Yerkir.am-ի փոխանցմամբ՝ Երեւանեան ժամանակով 18։00-ին արդէն փակուած էին բոլոր ընտրատեղամասերը եւ սկսած ձայներու հաշուարկը։ Ոչ պաշտօնական տուեալներով, յաղթած է ընդդիմադիր Հանրապետական-Ժողովրդական կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն։ ԱԶԿ թեկնածու, նախկին վարչապետ եւ ԹԱՄԺ նախագահ Պինալի Եըլտրըրըմը արդէն շնորհաւորած է իր մրցակիցի յաղթանակը։

Ընտրութիւններու ընթացքին տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ շարք մը քուէաթերթիկներու վրայ չկան կնիքներ։ ԱԶԿ-ն եւ ՀԺԿ-ն բողոքարկեցին, սակայն Բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողովը վաւեր ճանչցաւ քուէները։

Բացուած են արդէն քուէաթերթիկներու 95.2 տոկոսը, որուն համաձայն Իմամօղլուն ստացաւ 53.68, իսկ Եըլտըրըմը 45.40 տոկոս։

Այսպիսով Իմամօղլու արդէն երկրորդ անգամ յաղթանակ տարաւ իշխանական թեկնածուի նկատմամբ եւ այս անգամ արդէն ձայներու ահռելի տարբերութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին