Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Պըրրի Կ՝արհամարհէ Պաղեստինցիներու Համար Քուշների Ներդրումային Ծրագիրը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Կիրակի օր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները՝ իր միլիառաւոր տոլարներու ներդրումներով, չի կրնար համոզել Լիբանանը՝ մշտապէս բնակութիւն տալու պաղեստինցի գաղթականներուն:

«Միակ ներդրումը, որ տեղ չունի Լիբանանի մէջ, որեւէ ներդրում է ի շահ պաղեստինեան խնդրի եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքին՝ վերադառնալու իրենց երկիր եւ ստեղծելու անկախ պետութիւն՝ Երուսաղէմը ունենալով իբրեւ մայրաքաղաք»,- ըսաւ Պըրիի:

Սպիտակ տան աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ, Շաբաթ օր, Reuters-ին տուած հարցազրոյցի մը ժամանակ քննարկեց 50 միլիառ տոլար արժողութեամբ պաղեստինեան ներդրումային եւ ենթակառուցուածքային առաջարկը՝ իբրեւ ԱՄՆ վարչակազմի «դարու գործարք» Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան ծրագիրին մէկ մասը:

Ծրագիրը կը ներառէ մեծ գումարներ Յորդանանի եւ Լիբանանի համար, որոնք մեծ թիւով պաղեստինցի գաղթականներ ունեցող երկիրներ են՝ ակնյայտօրէն փորձելով զիրենք ներգրաւել այդ ազգերուն մէջ:

Պըրիի խօսքով Քուշներ «սխալած է, եթէ կը կարծէ, որ միլիառաւոր տոլարներով կրնայ հրապուրել Լիբանանը՝ (որ կը պայքարի տնտեսական ծանր ճգնաժամի պայմաններու տակ), ենթարկուելու իր կանոններուն»: Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանանը պիտի շարունակէ մերժել Պաղեստինեան գաղթականներու մշտական բնակութիւնը եւ «իր պաղեստինցի եղբայրներուն հետ պիտի դիմակայէ՝ օրինական դիմադրութեան իւրաքանչիւր մեթոտով»:

Քուշներ կը պատրաստուի Պահրէյնի մէջ կայանալիք միջազգային խորհրդաժողովին ներկայացնելու իր «խաղաղութիւն բարգաւաճման համար» ծրագիրը:

Լիբանանը մերժեց Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի կայանալիք ԱՄՆ-ի հովանաւորած խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէրը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին