Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Թիֆլիսի Մէջ Իրավիճակը Կը Շարունակէ Մնալ Լարուած

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թիֆլիսի կեդրոնին մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը, որոնք սկսած էին 20 Յունիսին ՌԴ պետդումայի պատգամաւոր Սերկէյ Կաւրիլովի ելոյթի պատճառով, որ ներկայ եղած էր Վրաստանի մէջ իրականացուող Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի նիստին:

Նիստի մեկնարկէն ետք ան նստած էր խորհրդարանի խօսնակի աթոռին եւ ներկաներուն ռուսերէնով ուղերձ յղած:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները գրոհած էին խորհրդարանի շէնքը, քանի մը անգամ փորձած են ներս մտնել: Քաղաքացիները միացած են ընդդիմութեան եւ կը պահանջեն կառավարութեան անդամներու՝ խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէի եւ ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիայի հրաժարականը:

Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թիֆլիսի մէջ ցոյցերը պետական յեղաշրջման փորձ  անուանած է:

Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէն երէկ  հրաժարական տուած է: 

Ընդդիմադիրները այժմ կը պահանջեն ՆԳ նախարարի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նշանակում:

Երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին երկրին մէջ կազմակերպուած ցոյցերու համար մեղադրած էր Ռուսաստանը, ինչին ի պատասխան ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը վրաց նախագահի յայտարարութիւնը «ոչ արհեստավարժ» անուանած էր՝ նշելով, որ Ռուսաստանի վրայ մեղք բարդելու փորձերը կը խեղաթիւրեն իրավիճակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին