«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թիֆլիսի կեդրոնին մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը, որոնք սկսած էին 20 Յունիսին ՌԴ պետդումայի պատգամաւոր Սերկէյ Կաւրիլովի ելոյթի պատճառով, որ ներկայ եղած էր Վրաստանի մէջ իրականացուող Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի նիստին:
Նիստի մեկնարկէն ետք ան նստած էր խորհրդարանի խօսնակի աթոռին եւ ներկաներուն ռուսերէնով ուղերձ յղած:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները գրոհած էին խորհրդարանի շէնքը, քանի մը անգամ փորձած են ներս մտնել: Քաղաքացիները միացած են ընդդիմութեան եւ կը պահանջեն կառավարութեան անդամներու՝ խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէի եւ ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիայի հրաժարականը:
Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թիֆլիսի մէջ ցոյցերը պետական յեղաշրջման փորձ անուանած է:
Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէն երէկ հրաժարական տուած է:
Ընդդիմադիրները այժմ կը պահանջեն ՆԳ նախարարի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նշանակում:
Երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին երկրին մէջ կազմակերպուած ցոյցերու համար մեղադրած էր Ռուսաստանը, ինչին ի պատասխան ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը վրաց նախագահի յայտարարութիւնը «ոչ արհեստավարժ» անուանած էր՝ նշելով, որ Ռուսաստանի վրայ մեղք բարդելու փորձերը կը խեղաթիւրեն իրավիճակը: