«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ծովածոցէն փչող տաք հոսանք մը, այս շաբաթ, Լիբանանի ջերմաստիճանը պիտի բարձրացնէ մինչեւ 39 աստիճանի, իսկ խոնաւութիւնը՝ 90 տոկոսի։ Այս մասին, Կիրակի օր, փոխանցեցին Պէյրութի օդակայանի օդերեւութաբանութեան վարչութենէն։
Ջերմաստիճանը Չորեքշաբթի պիտի բարձրանայ՝ ափամերձ տարածքներու մէջ հասնելով 33 աստիճանի, որ պիտի զգացուի 40 աստիճանի չափով։
Ամենաբարձր ջերմաստիճանը պիտի ըլլայ Պեքաայի եւ արեւելքի մէջ՝ շաբթուան ընթացքին տատանուելով 38-39 աստիճան։ Ջերմաստիճանը պիտի սկսի նուազիլ Հինգշաբթի օր:
Մինչ Լիբանանեան Գիւղատնտեսական հետազօտութիւններու ուսումնարանը նախազգուշացուցած էր յառաջիկայ «տաք հոսանքին» մասին՝ օդերեւութաբանական բաժինը յայտարարեց, որ ջերմաստիճանը առնուազն 10 աստիճան բարձր պիտի ըլլայ, քան եղանակային միջինը (30.5 աստիճան):






