Շաբաթ, 21 Յունիս 2019ի երեկոյեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամէական (Սիրիանի) Միջազգային Միութիւն Կուսակցութեան կեդրոնատեղին:
Հանդիպումը կը կայանար երկու կողմերուն համագործակցութեան համաձայնութեան ծիրէն ներս, որ այս տարի թագադրուեցաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սէյֆոյի Ջարդերու միացեալ ոգեկոչման աննախադէպ միջոցառումով:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու շրջանային եւ միջազգային քաղաքական եւ ապահովական վերջին անցուդարձները:
Շեշտելով Հայ եւ Արամէական ժողովուրդներու դարերու բարի դրացնութեան, մշակոյթներու սերտակցութեան եւ ճակատագրերու նմանութեան վրայ, կողմերը համաձայնեցան իրենց մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնը աւելի եւս ընդլայնել կրթական, մշակութային եւ ներլիբանանեան քաղաքականութեան ծիրերէն ներս:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան