Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Ժաաժաա Աունէն Կը Խնդրէ Երկիրը Պահպանելու Համար «Սանձելու» Պասիլը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանեան Ուժերու առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա՝ մտահոգ երկրի վիճակով՝ կոչ ըրած է նախագահ Միշէլ Աունին միջամտելու եւ սանձելու արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն ծայրայեղ յայտարարութիւնները վերջերս լարուածութիւն յառաջացուցած էին Ալ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ եւ խաթարած 2016-ի նախագահական գործարքը։

Ժաաժաաի կոչը հնչած էր այս շաբաթ տեղի ունեցած լրատուամիջոցներու խորհրդաժողովին ընթացքին, երբ ան մեղադրած էր Ազգային Ազատ Հոսանքի ղեկավար Պասիլը՝ կառավարութիւնը անդամալուծելու մէջ։ Ժահժահ կոչ ուղղած էր Աունին՝ միջամտելու եւ փրկելու երկիրը նման իրավիճակէ մը։

«Քաղաքական այս հեղինակութիւնը (կառավարութիւն) սկսաւ գրեթէ երկուք ու կէս տարի առաջ: Սակայն, ցաւօք, անիկա մասնակի կաթուածահար վիճակի մէջ է, քանի որ անոր հիմնական կուսակցութիւններէն մէկը (Ազգային Ազատ Հոսանք) կը վարուի պատահականօրէն, առանց սահմանափակումներու կամ տրամաբանութեան, եւ հաշուի չ՝առներ հանրային շահը»,- ըսած է Ժահժահ:

Անոր խօսքը կը վերաբերէր 2016-ի Քաղաքական կարգաւորման, որ յանգեցուց Աունի նախագահ ընտրուելուն եւ Սաատ Հարիրին վերադարձուց վարչապետի պաշտօնին:

Ըստ Ժաաժաաի Պասիլ հինգ կամ վեց ամիս խոչընդոտած է կառավարութեան ձեւաւորումը, քանի որ չէ ուզած, որ Լիբանանեան Ուժերը ներկայացուին Կառավարութեան մէջ:

Ժաաժաա անուղղակիօրէն մեղադրած է Պասիլը իշխանութեան մէջ մենաշնորհներ ապահովելու համար։

Նշենք, որ Ժաաժաա Երեքշաբթի հանդիպում ունեցած էր վարչապետ Հարիրիի հետ, որուն հետ, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած էր նաեւ յառաջիկայ վարչական նշանակումներուն ժամանակ իր կուսակցութեան մասնակցութեան մասին եւս։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին