Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուած է Տիարպեքիրի Պատմական Պարիսպներու Փլուզման Հարցը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան` Տիրապեքիրէն ընտրուած պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ շրջակայքի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումին  ուղարկած է հարցում, որ կապուած է Տիարպեքիրի պատմական պարիսպներու եւ Հեւսելի այգիներու շրջակայքը իրականացուող «Ազգային այգի» ծրագրի պատճառով պարիսպներուն  եւ այգիին հասցուող վնասին հետ:

7 հարցէ բաղկացած հարցման մէջ Փայլան կը հետաքրքրուի, թէ արդեօ՞ք ծրագիրը կ՛իրականացուի ՅՈՒՆԵՍԿՕ–ի թոյլտւութեամբ, քանի որ ե՛ւ պարիսպները, ե՛ւ Հեւսելի այգիները այդ միջազգային կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան կառոյցներու ցուցակին մէջ են:

Շաբաթներ առաջ թրքական ընդդիմադիր մամուլին մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ Տիարպեքիրի պարիսպներուն մէկ մասը շինարարութեան հետեւանքով փլուզուած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին